2014-03-01 09:27:13

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հաղորդագրութիւնը հայող`''Սուրբ Երկրի ի սպաս տարեկան դրամահաւաքին''։


Ուրբաթ 28 փետրուարին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Սուրբ Երկրի ի սպաս 2014 տարուայ դրամահաւաքին։
Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովը – կը կարդանք հաղորդագրութեան մէջ - ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտայայտած մտահոգութեան, կը հրաւիրէ համայն աշխարհի տեղական Եկեղեցիները, քառասնորդաց շրջանի ընթացքին, հոգեւոր եւ նիւթական յատուկ մօտիկութիւն ցուցաբերելու Յիսուսի ծննդավայրին եւ Միջին Արեւելքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն հանդէպ։
Հաղորդագրութիւնը ապա կը մատնանշէ թէ ''Անցեալ 21 նոյեմբերին, Արեւելեան Եկեղեցիներու լիանիստ ժողովի առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուած էր ''Սուրիան, Իրագը, Եգիպտոսը եւ Սուրբ Երկրի այլ շրջաններ արտասուքի մէջ ընկղմած են'' ու աւելցուցած թէ ''Հռոմի Եպիսկոպոսը հանգիստ պիտի չի գնտէ, այնքան որքան, գոյութիւն ունին, որեւէ կրօնի պատկանող այրեր ու կիներ, որոնք զրկուած են ապրելու անհրաժեշտ ինչքերէ, որոնց ապագան կողոպտուած է ու մատնուած են պանդխտութեան ու գաղթականութեան իրավիճակին եւ որոնց արժանաւորութիւնը կը շարունակուի ոտնակոխ ըլլալ''։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիին ստորագրութիւնը կրող, եպիսկոպոսներուն ուղղուած նամակը, կը հրաւիրէ կաթողիկէ համայն հասարակութեան հաւատացեալներն եւ հովիւները աւելի առատաձեռն ըլլալու Սուրբ Երկրի հանդէպ, ի տես ներկայ կացութեան։ Ան ապա կը հրաւիրէ նաեւ բոլորը` աղօթելու այդ շրջանի մէջ ապրող եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։
Հաղորդագրութիւնը հուսկ կը յայտնէ թէ Եպիսկոպոսներուն պիտի ներկայացուի 2013-ի դրամահաւաքի միջոցաւ իրականացած ծրագիրներու եւ օգնութիւններու ցանկը` հովուական, դաստիարակչական, ընկերային եւ խնամակալութեան մարզերէն ներս։

''Սուրբ Երկիրը անհամբեր կը սպասէ մեր ողորմածութեան որպէսզի կարենայ շարունակել հռչակել Աստուծոյ սէրը որ մարդկութիւնը ընտրեց որպէս իրեն հարազատ ընտանիք։ Այս պիտի ըլլայ ամենայարամր ձեւը, պատրաստելու եւ ընկերանալու Ֆրանչիսկոս Պապին, Յիսուսի ծննդավայրին կատարելիք սպասուած յառաջիկայ ուխտագնացութեան։'' Կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու հրատարակած հաղորդագրութեան աւարտին։
Յայտնենք որ ամէն տարի, Աւագ Ուրբաթ օրը, աշխարհի համայն կաթողիկէ եկեղեցիներուն նախաձեռնութեամբ, կը կազմակերպուին դրամահաւաքներ, սատարելու Սուրբ Երկրի Քրիստոնեայ հասարակութեան եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.